2013-04-09 14:37:40

Եւրոպայի Ուսանողական Հովութեան Պատասխանատուներու Հանդիպում` ''Գիտութիւնը Որպէս Ճանապարհ Դէպի Աստուած'' Նիւթին Մասին


Համալսարանը ի՞նչպիսի դեր մը կարող է ունենալ սահմանելու կապը գիտութեան եւ հաւատքի միջեւ, հարցադրած են Եւրոպայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի աւետարանութեան ու դաստիարակութեան պատասխանատուները, Փարիզի մէջ իրենց գումարած 4 օրուայ խորհրդաժողովին ընթացքին։ Հանդիպումին մասնակցեցան Եւրոպայի 22 երկիրներէն եկած եպիսկոպոսներ, համալսարաանի մատրանապետեր եւ ուսանաողական հովութեան ազգային պատասխանատուներ, նախագահութեամբ Լեհաստանի Լոծ թեմի առաջնորդ` գերապայածառ Ժետրավեսքի` պատասխանատու կրօնուսուցումի , դպրոցի եւ համալսարանի եպիսկոպոսական յանձնախումբին։ Հանդիպումէն ի յայտ եկաւ որ գիտութիւնը ճանապարհ մըն է որու վրայ մարդը կարող է ընթանալ հանդիպելու Աստուծոյ ու հաւատքին հետ։ Այդ հանդիպումը պտուղը չէ գիտական փնտռտուքի ու սահմանումներու, այլ մարդու բնական միտումը ճշմարտութեան ճանաչումին։ Որպէս ուսանողներու հոգեւոր առաջնորդներ մեր պարտականութիւնն է, ըսաւ Եւրոպայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի քարտուղարը, օգնել երիտասարդ համալսարականներն ու գիտնակաները ճանչնալու էական կապը որ կայ գիտութեան ու հաւատքի միջեւ, գիտական անհատական եղելութիւններու ու մարդկային կեանքի իր ամբողջութեամբ, հիմնուած ու մղուած դէպի Աստուած







All the contents on this site are copyrighted ©.